2014-05-02 13:27:30

Կարտինալ Թոռան Ալճերիոյ մէջ։ Մամլոյ ասուլիս` ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը քաջալերէ երկխօսութիւնը մահմետականներու ու քրիստոնեաներու միջեւ:


Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան` նախագահը միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի, ներկայիս Ալճերիա կը գտնուի որպէս Քահանայապետի պատուիրակ գլխաւորելու Աննապայի մէջ Ս. Օգոստինոսի նուիրուած եկեղեցւոյ օծման 100 ամեակի հանդիսութիւնները։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կարտինալին յանձնած է պատգամ մը, որով կը քաջալերէ երկխօսութիւնը մահմետականներու ու քրիստոնեաներու միջեւ եւ միաժամանակ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ալճերիոյ կառավարութեան բերած դրամական նպաստին պազելիքայի վերանորոգումին ի նպաստ։
Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Կարտինալ Թոռանը կը բացայայտէ թէ ինչպէս Ալճերիա այս 100 տարիներուն ընթացքին կը շարունակէ աւելի մօտէն ճանչնալ կաթողիկէ եկեղեցին ու անոր պատմութիւնը։ Կարտինալը կը մատնանշէ որ այս տօնախմբութիւնը առիթ կու տայ ալճերացիներուն որ քրիստոնեաները այս երկրին առաջին բնակիչները եղած են եւ թէ ս. Օգոստինոսը ալճերացի մըն է, եւ թէ ի՜նչպիսի ալճերացի մը։ Ս. Օգոստինոա կը միացնէ միջերկրականի երկու ափերը, եղած է մեծ մտաւորական մը եւ հանճարամիտ մը։ Քիչ են այն մարդիկը որ ս. Օգոստինոսի ծաւալը ունեցած են։ Ան գրած է աստուածաբանութեան ամենագեղեցիկ էջերը, մինչ իր քաղաքը պաշարուած էր եւ միաժամանակ ամէն ջանք թափած օգնութեան հասնելու փախստականներուն եւ միաժամանակ հաւատացեալներու առօրեայ հոգ հոգւոցով կը զբաղուէր։ Ան միշտ ընգծած է որ ներհակութիւն չկար մտայղացքի ու հաւատքի միջեւ։ ի՞նչպիսի նշան մը կրնայ ըլլալ այսօր ս. Օգոստինոսի պազելիքան հարցումին, կարտինալը պատասխանեց. Այս պազելիքան բոլորին կը յիշեցնէ, որ մենք ամէնքս եղած ենք Աստուած տեսնելու։ Հրաւէր մըն է մեր գոհաբանական աղօթքը բարձրացնելու առ Աստուած եւ ցոյց տանք մահմետականներուն որ մենք եւս հաւատարիմ ենք մեր հոգեւոր պարտականութիւններուն։
Ի՞նչքանով միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդը կարող է սատարել երկխօսութեան աճումին Ալճերիոյ քրիստոնեաներու ու մահմետականներուն միջեւ։
Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդը ունի որպէս կէտնպատակ սատարել ու համակարգել նախաձեռնութիւնները եւ սերտօրէն կը համագործակցի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու հետ, քանի երկխօսութիւնը կը կատարուի տեղական եպիսկոպոսներու հետ եւ ոչ թէ հաշտութեան ճամբով։







All the contents on this site are copyrighted ©.